The Diary of a Young Girl
The Diary of a Young Girl առաջին անգամ հրատարակուած է «Het Achterhuis. Dagboekbrieven 14 Juni 1942 – 1 Augustus 1944» վերնագիրով, Contact Publishing հրատարակչատան կողմէ, Ամսթերտամի մէջ, 1947 թուականին: Օրատետրը շահած է համաշխարհային դրական քննադատութիւններ: 1952 թուականին, այս ինքնակենսագրութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ թարգմանուած է Անգլերէնի Doubleday & Company հրատարակչութեան կողմէ, իսկ Անգլիոյ մէջ՝ Վալենթայն Միչելի կողմէ: The Diary of a Young Girl գիրքը նշանաւոր դարձած է 1955 թուականին, երբ վերածուած է թատերախաղի Ֆրանսիս Կուտռիչի եւ Ալպերթ Հաքեթի կողմէ, իսկ ետքը վերածուած է ֆիլմի 1959 թուականին: Այս օրագիրրը կը գտնուի 20-րդ դարու լաւագոյն գիրքերու ցանկին մէջ[1][2][3][4][5][6]: ՊատմութիւնԵրբ Գերմանիոյ Նացիական ուժերը կը գրաւեն Հոլանտան, Անն Ֆրանք որպէս իր 13-րդ տարեդարձին նուէր կը ստանայ օրատետր մը 12 Յունիս, 1942 թուականին[7][8]: Երկու օր ետք, 14 Յունիս, 1942 թուականին, Անն կը սկսի արդէն իր յուշերը գրել այդ տետրակին մէջ[9][10]: 5 Յուլիս,1942 թուականին, Անն Ֆրանքին քոյրը՝ Մարկոթ Ֆրանք կը ստանայ պաշտօնական նամակ մը, որպէսզի ուղարկուի Գերմանիա աշխատելու Նացիական խիստ բանակավայրերուն մէջ։ Այս պատճառաւ, Ֆրանք ընտանիքը 6 Յուլիս,1942 թուականին գաղտնօրէն կը փոխադրուի հին տուն մը, հոն պահուըտելու նպատակով: Անոնց կը միանան նաեւ Օթթօ Ֆրանքին բարեկամը ու անոր ընտանիքը՝ Հերմանն Վան Փելսը, անոր կինը՝ Ակըսթը ու անոնց պատանի զաւակը՝ Փիթըրը[11][11][12]: Անոնք սենեակներու մէջ կը պահուըտէին ու այդ սենեակներուն գլխաւոր դուռը կը գտնուէր գրադարանի մը ետեւ: 4 ամիս ետք անոնց կը միանայ 8-րդ անձ մը՝ Ֆրիթս Փֆերրերը: Անն Ֆրանքին հրատարակուած օրատետրին մէջ, այս անձերուն անունները փոխուած են՝ Վան Փելսերուն անունները եղած են «Վան Տաան», իսկ Ֆրիթս Փֆերրերին անունը եղած է «Պարոն Տըսսըլ»: Անոնք այս տան մէջ պահուըտած կը մնան 2 տարի եւ մէկ ամիս: Օգոստոս, 1944 թուականին անոնց գաղտնի ապաստանը կը գտնուի եւ անոնք կը փոխադրուին Նացիական բանակավայրեր: 8 անձերէն ողջ կը մնայ միայն Աննին հայրը՝ Օթթօ Ֆրանքը: Աննը կը մահանայ 15 տարեկանին Bergen-Belsen բանակավայրին մէջ։ Անն Ֆրանքին մահուան ճշգրիտ թուականը յստակ չէ, բայց գիտնականները կը նշեն թէ ան մահացած է Մարտ ամսուն: Իսկ 2015 թուականի նոր տեղեկութիւնները ցոյց կու տան թէ Անն մահացած է Փետրուար ամսուն[13][14]: Անն Ֆրանքին իսկական օրատետրը կը բաղկանայ 3 բաժիններէ: Առաջինը կը պարունակէ անոր յուշերը 14 Յունիս, 1942 թուականէն մինչեւ 5 Դեկտեմբեր, 1942 թուական: Նկատի ունենալով որ օրատետրին երկրորդ բաժինը կը սկսի 22 Դեկտեմբեր, 1943 թուականին ու կը վերջանայ 17 Ապրիլ, 1944 թուականին, գիտնականները կը նշեն թէ առաջին եւ երկրորդ բաժիններուն մէջ գտնուող յաջորդող օրատետրը կորսուած է պատերազմի ընթացքին: Իսկ օրատետրին վերջին բաժինը, որ գրուած էր Աննին դպրոցական գիրքերէն մէկուն մէջ, կը պարունակէ անոր յուշերը 17 Ապրիլ, 1944 թուականէն մինչեւ 1 Օգոստոս, 1944 թուական, երբ Անն Ֆրանք, իր մահէն առաջ, վերջին անգամ ըլլալով գրած էր իր յուշերը[15]: Օրատետրը գտնուած էր Միէփ Կիէսին եւ Պեփ Վոսքուիժլին կողմէ Ֆրանք ընտանիքին ձերբակալութենէն ետք[16]: Օրատետրը պահուած էր անոնց կողմէ, եւ ետքը յանձնուած էր Աննին հօր՝ Օթթօ Ֆրանքին, Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք: Ծանօթագրութիւններ
Արտաքին յղումներInformation related to The Diary of a Young Girl |
Portal di Ensiklopedia Dunia